«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Հինգշաբթի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ առաջադրեց շարք մը օրինագիծեր, որոնք միտուած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն արտասահմանի լիբանանցիներու ներկայացուցչութեան բարձրացման:






