Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի 80ամեակին Առիթով Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Եւ Տօնակատարութիւն

Երէկ 1 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ նուիրուած Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի 80ամեակին:

Ներկայ էին բարձրաստիճան կղերականներ եւ պետական, կուսակցական ու միութենական ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով Մեսրոպեանականներ:

Ս. եւ անմահ Պատարագի աւարտին, զորս մատուցեց Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, տեղի ունեցաւ պատշաճ տօնակատարութիւն մը մասնակցութեամբ Մեսրոպեան Վարժարանի երգախումբին ու երաժշտական քառեակին, որուն ընթացքին խօսք առին վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստն ու Պատրիարքական Փոխանորդ  Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան: Աւարտին տեղի ունեցան պարգեւատրումներ:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին