Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ. Այնպիսի Պատկերներ Ստացած Եմ, Որ Ինծի Համար Ալ Զարմանալի Էին… Ներսէս Պիծակեանի Տարբեր Տարիներու Աշխատանքներուն Անհատական Առաջին Ցուցահանդէսը

ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Հոկտեմբեր 30ին Երեւանի Թէքէեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտահայ արուեստագէտ Ներսէս Պիծակեանի տարբեր տարիներու աշխատանքներուն անհատական առաջին ցուցահանդէսը: Ներսէս Պիծակեանը ծնած է Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, ապա տարիներ անց տեղափոխուած են Երեւան: Ստեղծագործել սկսած է կանուխ տարիքէն:

Յիսուն  տարուան ընթացքին արուեստագէտը առաջին անգամ որոշում կայացուցած է անհատական ցուցահանդէս կազմակերպել ու բոլոր աշխատանքները ներկայացնել մէկ վայրի մէջ՝ Թէքէեան կեդրոնին մէջ եւ կեդրոնի հովանաւորութեամբ: Ցուցահանդէսը կ’ընդգրկէ հեղինակի տարբեր ժամանակներու քանդակի, գծանկարչութեան, կպչարուեստի գործերու, գեղազարդային եւ կիրառական արուեստի նրբաճաշակ աշխատանքները:

Հեղինակի համար կարեւոր նշանակութիւն ունին կպչարուեստի գործերը՝ կատարուած իւրայատուկ խնամքով, բնական նիւթերով, բոյսերով, ծաղիկներով, ծառերու կեղեւներով, չոր միրգերով, հայկական լաւաշով եւ այլն: Ինքը՝ հեղինակը, կը նշէ, որ այս աշխատանքները, որոնք կատարուած են բնական բաղադրիչներով, երբեք չեն թոռմիր, յատուկ նիւթերով մշակած է, ամէն բաղադրիչի վրայ բաւական երկար ժամանակ ծախսել:

Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ հիւրերը իսկապէս տպաւորուած էին արուեստագէտի աշխատանքներով, այդքան նրբաճաշակ, իմաստալից ու կեանքով լեցուն ցուցահանդէսի շատոնց ներկայ չէին գտնուած, կ’ըսէին հիւրերը:

Ներսէս Պիծակեանն ալ իր հերթին ջանասիրաբար կը նկարագրէր բոլոր աշխատանքները անհատապէս, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշեն, քանի տարուան պատմութիւն ունին, ինչ նիւթերէ ստեղծուած են եւ այլն: Ներկաները ժամեր շարունակ կ’ուսումնասիրէին քանդակները, գծանկարչութիւնները, գեղազարդային ու կիրառական արուեստի, յիրաւի, գլուխգործոցները:

Հեղինակի համար իր աշխատանքներէն իւրաքանչիւրը ունի առանձին նշանակութիւն, բայց չէր վարաներ հիւրերուն պատմել մի քանի աշխատանքներու մասին աւելի մանրամասն: Օրինակ՝ «Խորհրդաւոր ընթրիքը» աշխատանքը կատարուած է հայկական ոճով, արեւադարձային բոյսերով, աշակերտները Քրիստոսի հետ ձուկ կ’ուտեն ու գինի կը խմեն, սեղանին իսկական լաւաշ դրուած է, իսկ առաքեալներէն Յուդային հեղինակը սեւ շրջանակով պատկերած է: Աշխատանքին մէջ արհեստական ոչինչ կայ, ամէն ինչ կատարուած է բնական բաղադրիչներով, նոյն այդտեղ կը կայանայ եգիպտահայ արուեստագէտի  արուեստի գործերուն առանձնայատկութիւնը:

«Արեւմտեան Հայաստան» աշխատանքին մէջ Վանայ ծովը հեղինակը ցամքած պատկերած է: Կը բացատրէ՝ քանի որ մերը չէ, եթէ մերը ըլլար… «Բայց զարթօնք կայ, ծաղիկներ կան, յոյս կայ, որ օր մը կրնայ մերը ըլլալ»,- կ’ըսէ Ներսէս Պիծակեանը:

Հայկական մանրանկարչութեան մէջ Սուրբ Գիրքի էջերը տարբեր ձեւերով նկարուած են: Ներսէս Պիծակեանի նոյն այդ աշխատանքը ըրած է նորովի՝ իր երեւակայութեան թռիչքով, բնական բոյսերով, ծաղիկներու թերթիկներով, որոնք յատուկ չխամրող փայլ ունին: Ինչքան ալ որ զարմանալի է, այս ցուցահանդէսին նեկայացուած էին հեղինակի յիսուն տարուան աշխատանքները: Արուեստագէտը իր աշխատանքները սկսած է խեցեգործութենէն, որմէ ետք անցած է գծանկարչութեան, կպչարուեստի, որոնց մեծ մասը ըրած է բոյսերէ, սերմերէ, կեղեւներէ, փշերէ: «Զարթօնք»ի հետ զրոյցի ժամանակ հեղինակը կ’ըսէ՝ կեղեւներէն այնպիսի պատկերներ ստացած է, որ նոյնիսկ իրեն համար զարմանալի եղած է, կ’ըսէ՝ կարծես Աստուծոյ ձեռքը օգնած է: Այնպէս ոչինչ կը յաջողի:

«Մարդիկ կան, որոնք տարիներով կը փորձեն, սակայն չի յաջողիր, բայց իմ աշխատանքներս կը մնան 100-150 տարի ու չեն թօշնիր: Ես ըսած եմ՝ ծաղիկները կը թօշնին, բայց իմ ծաղիկներս չեն թօշնիր, այսպէս կը մնան: Նոյնիսկ թիթեռնիկներ կան աշխատանքներուն մէջ»,- կը պնդէ հեղինակը:

Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած աշխատանքներուն մէկ մասը նկարիչներու միութեան մէջ կամ այլ ցուցահանդէսներու ներկայացուած են տարբեր տարիներու ընթացքին, բայց որպէս անհատական, ամբողջական ցուցահանդէս սա առաջինն է: Այս զարմանահրաշ ու ինքնատիպ աշխատանքներու ցուցահանդէսը երեւանցիներուն եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն համար բաց կ’ըլլայ մինչեւ Նոյեմբեր 17ը, Թէքէեան կեդրոնի ցուցասրահին մէջ: Հասցէ՝ Խանճեան 50:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին