Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ դպրոցը մշտապէս առանցքային տեղ գրաւած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանին, Առաջնորդին եւ յարակից բոլոր մարմիններուն համար։ Այս ամիս նուիրուած էր «Հայ Մշակոյթ»ին։ Այս առթիւ, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանին, Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեանին եւ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեանին այցելեց «ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան, Յովսէփեան, Սահակ Մեսրոպ, Մերտինեան, Փոքրիկ Հրեշտակներ վարժարանները։

Այս այցելութիւնները լաւագոյն առիթն էին, հովիւ-հօտ, Սրբազան-ուսանողութիւն յարաբերութիւնները աւելի եւս խորացնելու։ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ տնօրէններուն, ուսուցչաց կազմերու, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն հետ։ Ան մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ աշակերտութեան հետ, որոնց ընթացքին շեշտեց հայ դպրոցին կարեւորութիւնը, հայ ըլլալու վեհութիւնը եւ հայերէն խօսելու անհրաժեշտութիւնը։ Խօսելով երախտագիտութեան մասին, Սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց երախտագիտութիւն հասկացողութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ երախտագիտութիւնը բանալին է կեանքի յաջողութեան, զոր կը դրսեւորուի միայն գործով։ Իսկ գործը կեանքի կը կոչուի ինքնագիտակցաբար կատարուած արարքներով՝ երբ ան ամրակայուած է անխախտ սկզբունքներով եւ ընկերութիւնը սատարող գործառոյթներով։ Մարդ ո՛րքան երախտապարտ գտնուի, այնքան աւելի կրնայ ներկան լիովին ապրիլ։ Եւ որքան մարդ կարենայ ներկայի դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները դիմակայել, այնքան աւելի կրնայ պայծառ ապագայ մը կերտել։

Սրբազան Հայրը իր իւրաքանչիւր հանդիպումով պատգամ մըն էր, որ կը փոխանցէր. կառչած մնալ մեր արմատներուն եւ սրբազան կառոյցներուն։ Աշակերտները սիրով ընդունեցին ու ճանապարհեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին