«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ համայնքներուն 2018ի պետական պիւտճէով արդէն իսկ նախատեսուած դրամանպաստներէն բացի այլ դրամանպաստներ տրամադրելու նպատակով կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն 167 մլն 954 հազար դրամ կը յատկացուի Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Վայոց ձորի եւ Շիրակի մարզպետարաններուն: Հիմնաւորումին համաձայն՝ 2018ի առաջին 9 ամսուան ընթացքին ՀՀ համայնքներու ներկայացուցած 230 ծրագրային յայտերէն դրամանպաստներ ստանալու համար հաւանութեան արժանացած է 173-ը: Նշուած ծրագիրներէն մէկ մասին համար կայացած են ծրագիրներու իրականացման մրցութային գործընթացները: Ծրագրային յայտերը հիմնականօրէն ուղղուած են համայնքներուն մէջ ներդրումներու, մասնաւորապէս փողոցներու, այգիներու, պուրակներու, խաղահրապարակներու բարեկարգումին, համայնքային շէնքերու, մշակութային տուներու, մանկապարտէզներու, հանդիսութիւններու սրահներու կառուցման ու նորոգման, խմելու, կոյուղիի, ոռոգման ջրագիծերու կառուցման ու նորոգման: Ծրագիրներու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 631 մլն դրամ եւ մրցոյթներու արդիւնքներուն մէջ անիկա կազմած է 419.5 մլն դրամ, որմէ ՀՀ պետական պիւտճէի համաֆինանսաւորման մասը կը կազմէ 167 մլն 954 հազար դրամ:
Մէկ այլ որոշմամբ ալ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Լոռիի մարզի Թումանեան համայնքի Քարինջ բնակավայրի՝ կարկտահարութենէ եւ տեղատարափ անձրեւէ տուժած բնակիչներուն, կը վերանորոգուի դպրոցի տանիքը: Ըստ հիմնաւորումին՝ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 10ին տեղատարափ անձրեւէ եւ կարկտահարութենէ վնասուած են Քարինջ բնակավայրի 117 բնակիչներու տուներուն տանիքները, զգալի վնաս հասցուած է Քարինջի միջնակարգ դպրոցի շէնքին: Այդ նպատակով կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն Լոռիի մարզպետարանին կը յատկացուի 24,764.0 հազ. դրամ:






