Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ 250 Քկ Պայթուցիկով Բեռնուած Մեքենայ Յայտնաբերուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Մարտին քաղաքին մէջ պայթուցիկ նիւթերով բեռնուած մեքենայ յայտնաբերած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը:

Ոստիկանութենէն կը յայտնեն, որ մեքենային մէջ եղած են 250 քկ պայթուցիկ նիւթեր, որոնք նախատեսուած են 32 առանձին յարձակումներու ժամանակ: Մեքենային մէջ գտնուող 5 մարդ ձերբակալուած է:

Իրաւապահ մարմինները հետաքննութիւն սկսած են հաւանական յանցակիցները բացայայտելու ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին