«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ մասնակցած է Պելառուսի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցող Միւնխենի անվտանգութեան համաժողովի (Munich Security Conference) Հիմնական խումբի (MSC Core Group) հանդիպումին՝ Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններու քննարկման նուիրուած կլոր սեղանին։ Զայն բացած է Պելառուսի Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշէնքօն, իսկ քննարկումները վարած է Միւնխենի անվտանգութեան միջազգային համաժողովի նախագահ Ուոլֆկանկ Իշինկերը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Միւնխենի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբը միջազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու քննարկման ազդեցիկ եւ ներկայացուցչական հարթակ է, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ բարձրաստիճան մասնակիցներուն քննարկել միջազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան կարեւորագոյն հարցեր:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոյեմբեր 1ին ելոյթով հանդէս կու գայ տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն վերաբերող քննարկման, իսկ երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մասնակցած է ի պատիւ Միւնխենի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբի հանդիպումին մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն կազմակերպուած ընդունելութեան:






