«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփը եւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփը այցելած են Փիթսպուրկի աղօթատունը, ուր անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցած հրաձգութիւնը 11 մարդու կեանք խլեց: Թրամփը 11 մոմ վառած է զոհերու յիշատակին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը:
Այցի ընթացքին նախագահին ուղեկցած են ԱՄՆի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Տերմերը, նախագահի դուստր Իվանքա Թրամփը, Իվանքայի ամուսինը՝ Ժարետ Քուշները, Սպիտակ տան խորհրդականներ, ինչպէս նաեւ ֆինանսներու նախարար Սթիվըն Մնուչինը:
Աղօթատուն այցելութենէ ետք Թրամփն ու իր ընտանիքը ուղեւորուած են հիւանդանոց, ուր նախագահը հանդիպում ունեցած է աղօթատան մէջ հրաձգութեան ժամանակ վիրաւորուած չորս ոստիկաններու հետ, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:






