«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԽ Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճաննի Պուքիքիօն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեանը ողջունելով հիւրը շնորհակալութիւն յայտնած է Վենետիկի յանձնաժողովին Հայաստանի Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու աշխատանքներուն օժանդակելու եւ համապատասխան խորհրդատուութիւն տրամադրելու համար: Վարչապետի պաշտօնակատարը նշած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումները միտուած եղած են առաւելագոյնը ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրական համակարգի ձեւաւորման եւ յաւելած, որ ՀՀ կառավարութիւնը կը կարեւորէ ԵԽ Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի հետ համագործակցութիւնն ու բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ սերտ երկխօսութիւնը:
Ճաննի Պուքիքիօն ողջունած է Հայաստանի Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու կառավարութեան նախաձեռնութիւնը եւ նշած, որ կը կարեւորեն անոնցմով նախատեսուած փոփոխութիւնները: Իր խօսքով՝ Վենետիկի յանձնաժողովը դրական գնահատած է նախանշուած բարեփոխումները, որոնք միտուած են քուէարկութեան իրաւունքի իրականացման, դիտորդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մամուլի հասանելիութեան ընդլայնման, ընտրական գործընթացի թափանցիկութեան ապահովման, ընտրակեղծիքներու դէմ պայքարին, ընտրութիւններու առաջին փուլէն ետք կազմուող միաւորումի մասնակիցներու թուաքանակի սահմանափակումներու վերացման եւ այլն: Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահը յոյս յայտնած է, որ ընտրական բարեփոխումներու գործընթացը Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ կ’իրականացուի:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Ճաննի Պուքիքիօն քննարկած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր, անդրադարձած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացման:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը պիտի ընէ առաւելագոյնը՝ կազմակերպելու եւ իրականացնելու այնպիսի ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքները կասկածներ չեն յարուցեր ոեւէ մէկուն մօտ: Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է, որ Հայաստանը հաստատակամ կը յառաջանայ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, արդարադատութեան համակարգի զարգացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման ուղղութեամբ: Կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարի խօսքով՝ նշուած ուղղութիւններով բարեփոխումները առաջնահերթութիւն են, իսկ ժողովրդավարութեան զարգացումը մեր հասարակութեան համար ներքին պահանջ է, համոզում եւ հիմնարար արժէք:






