Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Թրամփը Փիթսպուրկի Աղօթատան Մէջ Յարգած Է Հրաձգութեան Զոհերու Յիշատակը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփը եւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփը այցելած են Փիթսպուրկի աղօթատունը, ուր անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցած հրաձգութիւնը 11 մարդու կեանք խլեց: Թրամփը 11 մոմ վառած է զոհերու յիշատակին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը:

Այցի ընթացքին նախագահին ուղեկցած են ԱՄՆի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Տերմերը, նախագահի դուստր Իվանքա Թրամփը, Իվանքայի ամուսինը՝ Ժարետ Քուշները, Սպիտակ տան խորհրդականներ, ինչպէս նաեւ ֆինանսներու նախարար Սթիվըն Մնուչինը:

Աղօթատուն այցելութենէ ետք Թրամփն ու իր ընտանիքը ուղեւորուած են հիւանդանոց, ուր նախագահը հանդիպում ունեցած է աղօթատան մէջ հրաձգութեան ժամանակ վիրաւորուած չորս ոստիկաններու հետ, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին