«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Երեսփոխան Ուալիտ Սուքքարիէ Չորեքշաբթի յստակօրէն շեշտեց, որ ինչպէս ինքը, այնպէս ալ այլ սիւննի երեսփոխաններ պատասխանատու չեն նոր կառավարութեան յետաձգումին՝ հաստատապէս դիտել տալով, որ վարչապետի պաշտօնակատարէն կախուած է, թէ ինչ ներկայացուցչութիւն ձեռք պիտի ձգեն նոր կառավարութեան մէջ:






