«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ինտոնեզիայի զինուած ուժերու ղեկավար Հատի Թիաճանթօն Հոկտեմբեր 31ին յայտարարած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ յայտնաբերուած է երկրի ափերուն մօտ կործանուած ինքնաթիռի հիմնակմախքի տեղադրութիւնը: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, գրած է աւստրալական «The Mercury» թերթը:
Իր խօսքով՝ օդանաւի բեկորի հաւանական տեղադրութիւնը որոշուած է Ճաւայի ծովուն մէջ շարունակուող որոնողափրկարարական աշխատանքներու ընթացքին: «Մենք համոզուած ենք, որ գտած ենք JT610-ի հիմնակմախքի մէկ մասը»,- յայտարարած է Թիաճանթօն տեղական հեռուստաալիքի եթերի ժամանակ: Աւելի կանուխ, գտնուած են ինքնաթիռի բեկորներ եւ ուղեւորներու մարմիններ, սակայն հիմնակմախքը եւ ինքնաթիռի գրանցասարքերը առայժմ չեն յայտնաբերուած:
«Jakarta Post» թերթը Հոկտեմբեր 31ին յայտնած է, որ Boeing ընկերութեան եւ ԱՄՆի կառավարութեան ներկայացուցիչները կը ժամանեն Ինտոնեզիա, որպէսզի միանան Boeing 737 ինքնաթիռի աղէտի հետաքննութեան, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:






