Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Եւրամիութիւնը Կը Հետեւի Իրանի Եւ Դանիայի Դիւանագիտական Հակամարտութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Եւրամիութիւնը ուշադիր կը հետեւի Իրանի եւ Դանիայի դիւանագիտական հակամարտութեան՝ կապուած ենթադրեալ յարձակումի հետ, որ Դանիայի տարածքին փորձած են կազմակերպել իրանական յատուկ ծառայութիւնները: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է ԵՄի արտաքին քաղաքական ծառայութեան ներկայացուցիչը:

«Մենք ուշադիր կը հետեւինք իրադարձութիւններուն եւ կապի մէջ ենք Դանիայի իշխանութիւններուն հետ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար»,- ըսած է ան:

Հոկտեմբեր 30ին Դանիայի անվտանգութեան ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, որ Իրանի հետախուզութեան կը կասկածի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ գործող «Ահվազի ազատագրման համար պայքարի արաբական շարժում» անջատողական խմբաւորման առաջնորդի վրայ յարձակում կազմակերպելու մէջ: Այդ կապակցութեամբ Հոկտեմբեր 21ին Նորվեկիայի ծագումով իրանցի քաղաքացի բերման ենթարկուած է Շուէտի Կէօթեպորկ քաղաքին մէջ: Դանիայի արտաքին գործոց նախարար Անտերս Սամուէլսենը հանդիպումի կանչած է Քոբենհակենի մէջ Իրանի դեսպան Մորթեզ Մորատիանը եւ բացատրութիւն պահանջած թագաւորութեան տարածքին իրանական հետախուզութեան անօրինական գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութեան կապակցութեամբ:

Աւելի ուշ Իրանի արտաքին քաքական գերատեսչութիւնը մերժած է խմբաւորման առաջնորդի վրայ յարձակում նախապատրաստելու վերաբերեալ Դանիայի անվտանգութեան ոստիկանութեան մեղադրանքը: Բացի այդ՝ Դանիայի ԱԳ նախարարը մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ երկրի ԱԳ նախարարութիւնը ետ կը կանչէ Իրանի մէջ իր դեպանը: Քոբենհակենը նաեւ պիտի ձգտի, որ Եւրամիութիւնը նոր պատժամիջոցներ սահմանէ Թեհրանի դէմ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին