Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Մերքելը Հաւաստեց, Որ 2021 Թուականին Պիտի Չյաւակնի Վարչապետի Պաշտօնին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը յայտարարած է, որ 2021 թուականին իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ Պունտեսթակի մէջ եւ պիտի չյաւակնի վարչապետի նոր ժամկէտի: Բացի այդ՝ ան յայտնած է, որ Քրիստոնէադեմոկրատական միութեան (ՔԴՄ)՝ Դեկտեմբեր 7-8ին կայանալիք համագումարին պիտի չառաջադրուի կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը:

«Նախ, ՔԴՄի յաջորդ կուսակցական համագումարին, որ Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Համպուրկի մէջ, ես իմ թեկնածութիւնս պիտի չառաջադրեմ ՔԴՄի նախագահի պաշտօնին: Երկրորդ՝ լիազօրութիւններու իմ այս չորրորդ ժամկէտս վերջինն է ԳԴՀի դաշնային վարչապետի կարգավիճակին մէջ»,- Հոկտեմբեր 29ին Պեռլինի մէջ ըսած է Մերքելը լրագրողներուն:

«2021 թուականին Պունտեսթակի ընտրութիւններուն ես ՔԴՄ/ՔՍՄ կուսակցական դաշինքէն հանդէս պիտի չգամ որպէս վարչապետի թեկնածու եւ պիտի չառաջադրուիմ Պունտեսթակի մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի չյաւակնիմ քաղաքական այլ պաշտօններու»,- յայտնած է Մերքելը:

Անկելա Մերքելը 2000 թուականէն ՔԴՄի առաջնորդն է, 2005 թուականին կը զբաղեցնէր Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնը:

Գերմանացի լրագրողներու տուեալներով՝ կուսակցութեան մէջ Մերքելի պաշտօնին կը յաւակնին միաժամանակ մի քանի թեկնածուներ, այդ կարգին՝ առողջապահութեան նախարար Ենս Շբանը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին