Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ՀՀԿը Վարչապետի Ընտրութեան Երկրորդ Փուլին Համար Նոյնպէս Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ նախապէս յայտարարած իր դիրքորոշումին եւ վարչապետի ընտրութեան երկրորդ փուլին համար նոյնպէս թեկնածու պիտի չառաջադրէ:

«Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնեց խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանը:

«Մենք մեր որոշումին մասին յայտարարած էինք շաբաթներ առաջ: Բնական է, որ վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրէ: Ինչո՞ւ պէտք է կուսակցութիւնը մէկ շաբթուան ընթացքին փոխէր իր դիրքորոշումը»,- ըսաւ Աշոտեանը:

ՀՀ վարչապետի թեկնածուի առաջադրման վերջնաժամկէտը Հոկտեմբեր 30ն էր: Այս պահուն վարչապետի միակ թեկնածուն ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն է: Իր թեկնածութիւնը առաջադրած են «Ելք» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները, անոնց միացած են նաեւ ՀՀԿ խմբակցութեան մի քանի պատգամաւորներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին