Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Հայ Մարդուն Հոգեւոր Երգարանը

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտարարել, որ հրամանաւ եւ քաջալերանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ լոյս տեսաւ 410 էջերու մէջ ամփոփուած մեծածաւալ «ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ» հատորը։

Այս աշխատութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջին փորձն է եղածները հաւաքելու, անոնց տէր ըլլալու եւ նոր հեղինակներ քաջալերելու, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ՝ գրուանի տակ պահուած ա՛յս հարստութիւնը լոյս աշխարհի մէջ մնայ։

Երգարանը օգտագործելի է բոլոր տարիքներու համար. անիկա ուղեցոյց է հայ վարժարաններու երգի ուսուցիչներուն, Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր խմբակցութիւններուն, կիրակնօրեաներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար։

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ մեկենասութեամբ տիկին Վիգի Չաթալպաշեանի՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Երուանդ Չաթալպաշեանի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին