Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Փրկարարները Յոյս Չունին, Որ Ինտոնեզիայի Մէջ Lion Airի Ինքնաթիռի Կործանումէն Ետք Կրնան Փրկուածներ Ըլլալ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինտոնեզիայի փրկարար ծառայութեան ներկայացուցիչները Հոկտեմբեր 29ին յայտարարած են, թէ յոյս չունին, որ Ճաւա կղզիի արեւմտեան ափին Lion Air օդագնացական ընկերութեան ինքնաթիռի կործանումէն ետք կրնան ողջ մնացածներ ըլլալ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Associated Press»ը:

Աղէտի վայրը գտած են մարդկանց առաջին մարմնամասերը: Փրկարարներու կանխատեսմամբ՝ աղէտէն ոչ ոք ողջ մնացած է, քանի որ մարմինները, որոնք արդէն յայտնաբերուած են, «ամբողջական չեն եղած», իսկ կործանման պահէն անցած է արդէն մի քանի ժամ: Հոկտեմբեր 29ին աւելի կանուխ Lion Air օդագնացական ընկերութեան Boeing-737ը աղէտի ենթարկուած է Ճաւա կղզիի արեւմտեան ափի մօտ՝ ծովուն վրայ: Ինքնաթիռին մէջ կը գտնուէր 189 մարդ:

Կապի կորչելէն քիչ առաջ օդաչուն օդակայան վերադառնալու թոյլտուութիւն խնդրած է ու ստացած: Ինքնաթիռի հետ կապը կորսուած էր Ճաքարթայէն օդակայանէն մեկնելէ 13 վայրկեան անց:

Ինքնաթիռը ինկած է ծովը եւ ջրասոյզ եղած, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին