«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը յայտարարած է, որ 2021 թուականին իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ Պունտեսթակի մէջ եւ պիտի չյաւակնի վարչապետի նոր ժամկէտի: Բացի այդ՝ ան յայտնած է, որ Քրիստոնէադեմոկրատական միութեան (ՔԴՄ)՝ Դեկտեմբեր 7-8ին կայանալիք համագումարին պիտի չառաջադրուի կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը:
«Նախ, ՔԴՄի յաջորդ կուսակցական համագումարին, որ Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Համպուրկի մէջ, ես իմ թեկնածութիւնս պիտի չառաջադրեմ ՔԴՄի նախագահի պաշտօնին: Երկրորդ՝ լիազօրութիւններու իմ այս չորրորդ ժամկէտս վերջինն է ԳԴՀի դաշնային վարչապետի կարգավիճակին մէջ»,- Հոկտեմբեր 29ին Պեռլինի մէջ ըսած է Մերքելը լրագրողներուն:
«2021 թուականին Պունտեսթակի ընտրութիւններուն ես ՔԴՄ/ՔՍՄ կուսակցական դաշինքէն հանդէս պիտի չգամ որպէս վարչապետի թեկնածու եւ պիտի չառաջադրուիմ Պունտեսթակի մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի չյաւակնիմ քաղաքական այլ պաշտօններու»,- յայտնած է Մերքելը:
Անկելա Մերքելը 2000 թուականէն ՔԴՄի առաջնորդն է, 2005 թուականին կը զբաղեցնէր Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնը:
Գերմանացի լրագրողներու տուեալներով՝ կուսակցութեան մէջ Մերքելի պաշտօնին կը յաւակնին միաժամանակ մի քանի թեկնածուներ, այդ կարգին՝ առողջապահութեան նախարար Ենս Շբանը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:






