1978 թուին Ղազախիստանի նախկին մայրաքաղաք Ալմա Աթայի մէջ տեղի ունեցաւ առանցքային համաժողով մը, որ համախմբեց առողջապահական փորձագէտներն ու համաշխարհային առաջնորդները՝ հաստատելու «Առողջութիւնը բոլորին համար է» կարգախօսը: Այս համաժողովին Ալմա Աթայի հաւանութիւն արժանացած հռչակագիրը հիմքը հանդիսացաւ Առողջապահական Կեդրոններու 40ամեայ գործունէութեան:
40 տարիներ ետք Ղազախիստանի կառավարութեան հիւրընկալութեամբ, Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԷՖի, Հինգշաբթի 25 եւ Ուրբաթ 26 Հոկտեմբեր 2018ին Ղազախիստանի Ասթանա մայրաքաղաքին մէջ դարձեալ տեղի ունեցաւ Առողջապահական Կեդրոններու Միջազգային համաժողովը, որպէսզի վերականգնի առաջնային առողջապահական խնամքի ուժեղացումը՝ հասնելու համընդհանուր առողջապահական ծածկոյթի, շեշտուի կանխարգիլման կարեւորութիւնը եւ բոլորը անխտիր ստանան առողջապահական ամենաբարձր մակարդակի խնամք:
Տուեալ համաժողովին Միջազգային Ազգերու կազմակերպութեան բոլոր բաժանմունքներու պատասխանատուներու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 1500 ներկայացուցիչներ՝ եկած աւելի քան 80 տարբեր երկիրներէ:
Լիբանանէն մասնակցեցան առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Ուալիտ Ամմարն ու իր քարտուղարը: Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը:
Նկատի ունենալով, որ Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութիւնը վերջին տարիներուն քաջատեղեակ էր Լիբանանի Գարակէօզեան հաստատութեան տարած առողջապահական խնամքին եւ անոր կատարած կանխարգիլման արշաւներուն, հետեւաբար համաժողովի ընթացքին խօսք տրուեցաւ նաեւ Սերոբ Օհանեանին՝ ներկայացնելու Լիբանանի մէջ Առողջապահութեան կեդրոնի գործընթացքը:
Ս. Օհանեան իր զեկոյցին մէջ յատուկ շեշտը դրաւ, թէ հաստատութիւնը ի՛նչպէս կ’աշխատի կանխարգիլելու հիւանդութիւնները՝ կազմակերպելով «Դպրոցական Առողջապահութեան» քննութիւններ, մանուկներու պատուաստումներ, համայնքային բարգաւաճման ընկերային առողջապահական-դասախօսական շարքեր հերթական դրութեամբ եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման արշաւներ:
Համաշխարհային տարողութեամբ խիստ կարեւորութիւն ունեցող միջազգային այս ժողովը կրկնակի նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ պետական մակարդակի մասնակցութեանց կողքին Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութեան գործուն ներկայութիւնը չափանիշը կը հանդիսանայ անոր վայելած միջազգային վարկին ու համբաւին: Եւ այս բացառիկ պատիւը կը պարտինք անոր ձեռնահաս երիտասարդ տնօրէն Սերոբ Օհանեանին, որ, մշտարթուն հետեւելով միջազգային կեանքէն ներս առողջապահական թէ բարեսիրական անցուդարձերուն, միշտ պատեհ առիթը կը գտնէ լուսարձակի տակ բերելու Գարակէօզեան հաստատութեան ընդմէջէն հայ ժողովուրդի ներդրումը՝ միջազգային մեծ ընտանիքի յառաջդիմութեան մէջ:
Այսօր Գարակէօզեան հաստատութիւնը 100ամեակի սեմին, հաւատարիմ իր հիմնադիրներու նպատակին, կը շարունակէ իր ծառայողական առաքելութիւնը բժշկական խնամքի կողքին շեշտը դնելով հիւանդութիւններու կանխարգիլման արթնութեան արշաւներու եւ առողջութեան խթանումին ՝ տեսնելու մանուկը առողջ իր իսկ միջավայրին մէջ, շրջապատուած առողջ ընտանիքի անդամներով:






