«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ սպաննուած սէուտացի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկժիի գործով Թուրքիա ժամանած է Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր դատախազը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:
Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր դատախազ Սաուտ ալ Մուաժիպը Իսթամպուլ ժամանած է մասնակցելու Խաշոկժիի սպանութեան գործի հետաքննութեան:
Լրագրողի սպանութեան գործով ձերբակալուած է 18 անձ:






