«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինտոնեզիայի փրկարարները յատուկ սարքաւորումի օգնութեամբ ձեռնամուխ եղած են Lion Air օդագնացական ընկերութեան ինքնաթիռի որոնումներուն, որ աղէտի ենթարկուած է Ճաւա կղզիի ափի մերձակայքը: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Հոկտեմբեր 29ին յայտնած է «Detik» լրատուական գործակալութիւնը: «Ապարատները կը խորասուզուին մօտաւորապէս 30-35 մեթր, ուր, ինչպէս կ’ենթադրուի, հաւանական է, որ գտնուի ինքնաթիռը»,- նշած են Որոնման եւ փրկման ազգային գործակալութենէն:
Boeing-737ի կործանման վայրը Ճաւայի ծովուն մէջ է՝ երկրի մեծագոյն կղզիի՝ Ճաւայի արեւմտեան ափի մերձակայքը: Ինչպէս յայտնած է գործակալութեան ներկայացուցիչը, ինքնաթիռի կործանումէն ետք փրկուածներ չկան: Օդանաւը աղէտի ենթարկուած է Ճաքարթայի օդակայանէն մեկնելէ 13 վայրկեան անց: Օդանաւի բեկորներն ու ուղեւորներուն անձնական իրերը յայտնաբերուած են Ճաւայի ծովուն մէջ:
Ինքնաթիռը JT610 չուերթը կ’իրականացնէր դէպի Փանքալփինանկ քաղաք: Ըստ վերջին տուեալներուն՝ օդանաւին մէջ եղած է 188 մարդ, այդ կարգին՝ անձնակազմի եօթը անդամները, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը:






