Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանակի 61րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018ին, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, Ժըմմէյզի, Պէյրութ:
Աւանդապահական կարգով գումարուող ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 61րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի ութը ակումբներէն եկող թիւով 31 պատգամաւորներ նոյնքան թիւով ալ փոխ-պատգամաւորներ միասնաբար քննարկեցին կուսակցութեանս Լիբանանի շրջանակի վերաբերող հարցեր, ճշդեցին յաջորդող ժամանակաշրջանին վերաբերող ռազմավարութիւնը եւ ընտրեցին Լիբանանի Շրջանային նոր Վարչութիւնը, որ յառաջիկայ երկու տարուայ ընթացքին պիտի ղեկավարէ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակը:
Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ կուսակցութեանս Լիբանանի շրջանակի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը:
Ժողովը քննարկեց հայկական պահանջատիրութեան հետ առընչուած խնդիրներ եւ մարտահրաւէրներ:
Հայաստանի վերաբերող օրակարգով ժողովը անսակարկ զօրակցութիւն յայտնեց հայրենիքի պետականութեան ու հայրենաբնակ ժողովուրդին եւ ինչպէս միշտ իր ունեցած բոլոր միջոցները տրամադրութեանը տակ դրաւ հայրենիքի աւելի եւս զարգացման ու ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւմանն նպատակին:
Արցախը կարեւոր տեղ գրաւեց ժողովի քննարկումներուն մէջ: Այս ուղղութեամբ ժողովը որոշեց միջոց չխնայել Արցախի Հանրապետութեան ու անոր անկախութեան ճանաչման ի խնդիր աշխատանք տանելու լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ:
Ժողովականները շեշտեցին, որ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակը հաւատարիմ կուսակցութեան աւանդական ուղեգիծին իր անդամակցութեամբ եւ մամուլով պիտի շարունակէ դրօշակակիրը ըլլալ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին: Բարձր գնահատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիրքն ու դերը ընդհանրապէս սփիւռքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ, ժողովը որոշեց շարունակել լաւագոյն յարաբերութեան մէջ ըլլալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր գահակալին հետ, որուն ազգային եւ միջազգային դերին հանդէպ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակը ունի բացարձակ յարգանք:
ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի պատգամաւորական ժողովը լուսարձակի տակ առաւ կուսակցութեան ներքին կազմակերպչական հարցերը, խորապէս ուսումնասիրելով օրուայ խնդիրները ու որոշեց պարտն ու պատշաճը տնօրինել այս ուղղութեամբ:
Ժողովը որոշեց կուսակցութեան ուսանողական ու երիտասարդական շարժումներու աշխատանքները աշխուժացնել: Այս առնչութեամբ ժողովականները անհրաժեշտ գտան ներկայ ժամանակներուն եւ պայմաններուն յարմարելով նորահաս սերունդին մօտենալ իրենց իսկ միջոցներով՝ անոնց ջամբելու ազգային, գաղափարական եւ քաղաքական դաստիարակութիւն:
Լիբանանահայ կեանքը, լիբանանահայ դպրոցն ու ազգային կառոյցներու իրավիճակը կարեւոր տեղ գրաւեցին ժողովին օրակարգին վրայ: Թէքէեան Մշակութային Միութեան ու անոր ուղեկից շարժումներուն աշխոյժ եւ նպատակաուղղուած գործունէութիւնը ինչպէս նաեւ կուսակցութեան մամուլը եւս դարձան հիմնական օրակարգի նիւթեր: Լիբանանահայութեան ներկայ մարտահրաւէրները դիմակալելու, կենսունակութիւնը երաշխաւորելու եւ համայնքի ապագայի նկատմամբ ժողովուրդին վստահութեան գործօնը ամրապնդելու առումով, Ռ.Ա.Կ. Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը որդեգրեց շարք մը որոշումներ:
Ժողովը անգամ մը եւս հաստատեց, որ Ռ.Ա.Կ.-ի քաղաքական գործունէութեան հիմնական առանցքը կը հանդիսանայ լիբանանահայութեան խաղաղ ու անվտանգ գոյութեան պահպանումը եւ հայապահպանման ու հայ դատին աշխատանքներուն գործնական հետապնդումը:
Պատգամաւորական ժողովը Ժողովը արձանագրեց նաեւ, որ Ռ.Ա.Կ.-ի Լիբանանի շրջանակի առաջադրանքն է Լիբանանի անկախութեան պահպանումն ու պետականութեան զօրաւոր հիմերու վրայ հաստատումը, զորս կ’երաշխաւորեն երկրին հողային ամբողջականութեան, համայնքային համակեցութեան եւ ապահովութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ տնտեսական հաւասարակշռուած բարգաւաճումն ու ընկերային արդար հատուցումը:
Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը հաստատեց, թէ Ռ.Ա.Կ.-ը նախանձախնդիր է լիբանանահայ համայնքին միասնականութեան առաւել ամրապնդման, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնական ճակատով դիմագրաւել համայնքին սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները:
Ռ.Ա.Կ Լիբանանի 61րդ պատգամաւորական ժողովի մասնակիցները իրենց ամբողջական հաւատարմութիւնը յայտնեցին աւանդապահական կարգով ընտրուած ու գործող Ռ.Ա.Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան: ժողովը նաեւ իր քաջալերական արտայայտութիւնը ունեցաւ ամէն տեսակի միաւորման աշխատանքներուն, որոնք կարելի է կատարել ներկուսակցական խնդիրներուն լուծում մը գտնելու համար:
Ժողովի աւարտին, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային 61-րդ Պատգամաւորական ժողովի մասնակից պատգամաւորները ընտրեցին Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային նոր վարչութեան համա-ատենապետներ, որոնք հանդիսացան ընկերներ Սեւակ Յակոբեան եւ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան: Նորընտիր համա-ատենապետներուն պարտականութիւն տրուեցաւ յայտարարելու իրենց գլխաւորելիք վարչութեան կազմը:
Ժողովը որոշեց, որ նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը Ռ.Ա.Կ.-ի Լիբանանի շրջանակը պիտի ղեկավարէ յառաջիկայ երկու տարիներուն:
ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի 61րդ պատգամաւորական ժողովը ընտրեց նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ընդհանուր Պատգամաւորական համաշխարհային ժողովին Լիբանանը ներկայացնող պատգամաւոր եւ փոխ պատգամաւոր ընկերները:
Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը իր ընտրութեան յաջորդ օրը իր առաջին նիստը գումարեց, մասնակցութեամբ Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային 61րդ Պատգամաւորական ժողովի Օրուան դիւանի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանին, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան դիւանի կազմը:
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, որ շրջանակը պիտի ղեկավարէ յաջորդ երկու տարիներուն, ունի հետեւեալ կազմը՝
Սեւակ Յակոբեան Եւ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան (համա-ատենապետներ), Միքայէլ Վայէճեան (փոխ-ատենապետ), Վիգէն Թոսունեան (ատենադպիր), Ճէքի Տէրվիշեան (փոխ-ատենադպիր), Սեդրակ Քիւրէճեան (գանձապահ), Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան, Արա Գոյունեան, Գրիգոր Մկըրեան, Գրիգոր Նազարեան, Արամ Արթինեան, Արմէն Վայէճեան, Մեթր. Սամուէլ Պասմաճեան (խորհրդականներ):
Օրուայ Դիւան
Ռ.Ա.Կ 61րդ Պատգամաւորական Ժողովի
29 Հոկտեմբեր 2018