«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ նախապէս յայտարարած իր դիրքորոշումին եւ վարչապետի ընտրութեան երկրորդ փուլին համար նոյնպէս թեկնածու պիտի չառաջադրէ:
«Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնեց խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանը:
«Մենք մեր որոշումին մասին յայտարարած էինք շաբաթներ առաջ: Բնական է, որ վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրէ: Ինչո՞ւ պէտք է կուսակցութիւնը մէկ շաբթուան ընթացքին փոխէր իր դիրքորոշումը»,- ըսաւ Աշոտեանը:
ՀՀ վարչապետի թեկնածուի առաջադրման վերջնաժամկէտը Հոկտեմբեր 30ն էր: Այս պահուն վարչապետի միակ թեկնածուն ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն է: Իր թեկնածութիւնը առաջադրած են «Ելք» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները, անոնց միացած են նաեւ ՀՀԿ խմբակցութեան մի քանի պատգամաւորներ:






