Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Ինտոնեզիայի Փրկարարները Boeingի Ստորջրեայ Որոնումներ Սկսած Են 35 Մեթր Խորութեան Վրայ. «Detik»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինտոնեզիայի փրկարարները յատուկ սարքաւորումի օգնութեամբ ձեռնամուխ եղած են Lion Air օդագնացական ընկերութեան ինքնաթիռի որոնումներուն, որ աղէտի ենթարկուած է Ճաւա կղզիի ափի մերձակայքը: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Հոկտեմբեր 29ին յայտնած է «Detik» լրատուական գործակալութիւնը: «Ապարատները կը խորասուզուին մօտաւորապէս 30-35 մեթր, ուր, ինչպէս կ’ենթադրուի, հաւանական է, որ գտնուի ինքնաթիռը»,- նշած են Որոնման եւ փրկման ազգային գործակալութենէն:

Boeing-737ի կործանման վայրը Ճաւայի ծովուն մէջ է՝ երկրի մեծագոյն կղզիի՝ Ճաւայի արեւմտեան ափի մերձակայքը: Ինչպէս յայտնած է գործակալութեան ներկայացուցիչը, ինքնաթիռի կործանումէն ետք փրկուածներ չկան: Օդանաւը աղէտի ենթարկուած է Ճաքարթայի օդակայանէն մեկնելէ 13 վայրկեան անց: Օդանաւի բեկորներն ու ուղեւորներուն անձնական իրերը յայտնաբերուած են Ճաւայի ծովուն մէջ:

Ինքնաթիռը JT610 չուերթը կ’իրականացնէր դէպի Փանքալփինանկ քաղաք: Ըստ վերջին տուեալներուն՝ օդանաւին մէջ եղած է 188 մարդ, այդ կարգին՝ անձնակազմի եօթը անդամները, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին