ԼԻԱՆԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Օրերս տեղի ունեցաւ ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնի այցը Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներ՝ Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան: Թէպէտ այս փուլին այցը իր բնոյթով աւելի շատ ճանաչողական էր, որուն մասին ԱՄՆ պաշտօնեան բազմիցս նշեց իր ելոյթներուն ժամանակ, Թրամփի վարչակազմի կողմէ նման մակարդակով այց նախաձեռնելու փաստը կը խօսի տարածաշրջանի հանդէպ քաղաքականութիւնը աշխուժացնելու ԱՄՆ մտադրութեան մասին: Այս թեմայի լոյսին տակ կարեւոր է ընդգծել, որ մինչ Թրամփի խորհրդական նշանակուիլը, Ճոն Պոլթոնը անցեալին եւս իր յօդուածներուն եւ ելոյթներուն մէջ բարձրաձայնած է տարածաշրջանի հանդէպ ԱՄՆ աւելի աշխոյժ, նախաձեռնողական քաղաքականութիւն վարելու անհրաժեշտութեան մասին:
Ստորեւ անդրադառնանք ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեայի՝ երեք երկիրներ այցերուն՝ իւրաքանչիւրի պարագային առանձնացնելով հիմնական շեշտադրումները:
Ազրպէյճան
Ազրպէճանի մէջ ԱՄՆ պաշտօնեան հանդիպումներ ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահի, արտաքին գործոց նախարարի, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի պետական նաւթային միութեան՝ SOCARի ղեկավարին: Հետաքրքրական է, որ, ի տարբերութիւն Հայաստանի եւ Վրաստանի, Ազրպէյճանի մէջ Պոլթոնը հանդիպում չունեցաւ երկրի ՊՆ նախարարի հետ: Բացի այդ՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ պաշտօնեան հանդիպեցաւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, իսկ Վրաստանի մէջ՝ ներքին գործոց նախարարին, մինչդեռ Ազրպէյճանի մէջ այդ ձեւաչափերով հանդիպումներ եւս տեղի չունեցան: Ինչպէս կ’ակնկալուէր, Ազրպէյճանի մէջ հանդիպումներու հիմնական շեշտադրումները կ’առնչուէին ուժաբանական ոլորտի համագործակցութեան՝ ընդգծելով յարաբերութիւններու ռազմավարական ըլլալու փաստը: Ղարաբաղեան հակամարտութեան լոյսին ներքոյ, ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը հիմնականօրէն շեշտադրեց հիմնախնդիրի կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ զայն կարեւորելով աւելի լայն՝ տարածաշրջանային, աշխարհաքաղաքական հարցերու շրջագիծին մէջ:
Բաւական հետաքրքրական է համեմատել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ Իրանի վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնները: Մասնաւորապէս, եթէ Ազրպէյճանի մէջ քննարկուած է «Թեհրանի գործողութիւնները զսպելու ուղղուած քայլերը», ապա Հայաստանի մէջ այս մասով նման ձեւակերպումներ չկան, փոխարէնը կը շեշտուի հարցի վերաբերեալ հետագայ երկխօսութեան կարեւորութիւնը: Սա թերեւս կը փաստէ, որ, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, Հայաստանի իշխանութիւնները այս առումով ԱՄՆին ներկայացուցած են իրենց վերապահումները:
Հայաստան
Հայաստան այցի ծիրէն ներս ԱՄՆ պաշտօնեան հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ վարչապետի, ՀՀ արտաքին գործոց, պաշտպանութեան նախարարներու պաշտօնակատարներուն, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան հարցերով քարտուղարի հետ: ՀՀ այցի ծիրէն ներս շեշտադրուեցաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական գործընթացները: Այս խնդրով ԱՄՆը յայտնեց իր լիարժէք աջակցութիւնը ՀՀ իշխանութիւններուն՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները գնահատելով որպէս «առաջնային գերակայութիւն»: Բարձրաձայնուեցաւ երկկողմ փոխգործակցութեան նոր թափ հաղորդելու, բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները աւելի յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Փոխշահաւէտ համագործակցութեան տեսանկիւնէն քննարկուեցան ուղղակի ամերիկեան ներդրումները աւելցնելու հեռանկարները:
Ինչ կը վերաբերի մեզի համար գերակայ հանդիսացող Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրին, ապա Ճ. Պոլթոնը յայտնեց ԱՄՆ պատրաստակամութիւնը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունենալ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Վրաստան
Վրաստանի մէջ Ճոն Պոլթոնը հանդիպած է երկրի վարչապետին, արտաքին, ներքին, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարներուն: Ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Վրաստանի մէջ ԱՄՆ պաշտօնեան շեշտած է ժողովրդավարական գործընթացներու շարունակական զարգացման անհրաժեշտութիւնը՝ այս առումով կարեւորելով Վրաստանի մէջ Հոկտեմբեր 28ին նախատեսուող նախագահական ընտրութիւնները: ԱՄՆ պաշտօնեան Վրաստանը որակած է պետութիւն, որուն հետ ԱՄՆը ունի «ռազմավարական բարձր կարեւորութեան շահեր»: Պոլթոնի կողմէ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններ դիտարկուած են պաշտպանական, անվտանգային եւ տնտեսական ոլորտները: Անդրադառնալով Վրաստանի՝ ՆԱԹՕ հաւանական անդամակցութեան՝ Պոլթոն նշած է, որ այս հարցին մէջ ԱՄՆ քաղաքականութիւնը չէ փոխուած եւ ինչպէս անցեալին, անոնք կը սպասեն «յարմար ժամանակի»:
Ամփոփելով կրնանք փաստել, որ այս փուլին ԱՄՆ պաշտօնեայի այցը տարածաշրջան նպատակ կը հետապնդէր յստակեցնելու «խաղի կանոնները». ծանօթանալու տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ համար գերակայ համարուող հարցերուն շուրջ տարածաշրջանի երկիրներու տեսակէտներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու այդ հարցին մէջ ԱՄՆ ունեցած դիրքորոշումները: Հաշուի առնելով ԱՄՆ ներկայիս վարչակարգի տարբեր հարցերու շուրջ, օրինակ Իրանի հետ յարաբերութիւններ, որդեգրած աւելի կոշտ դիրքորոշումներ, աւելի քան տրամաբանական էր, որ ԱՄՆը այդ հարցերուն շուրջ տարածաշրջանի երկիրներէն պիտի ունենայ աւելի բարձր ակնկալիքներ: Տրամաբանական է նաեւ, որ մէկ այցը բաւարար չի կրնար ըլլալ «խաղի կանոնները» ամբողջութեամբ յստակեցնելու համար: Պատահական չէ, որ օրինակ, Հայաստանի պարագային ԱՄՆ պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու երկխօսութիւնը խնդրայարոյց հարցերու շուրջ (Իրանի պարագային Պոլթոնը ինքը կը փաստէ, որ Հայաստանի եւ ԱՄՆ միջեւ հետագայ երկխօսութիւնը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ): Ուստի, այս գործընթացը պէտք է համարել շարունակական եւ հետագային եւս անհրաժեշտ պիտի ըլլայ հետեւողական երկխօսութիւն վարել ԱՄՆի հետ՝ յստակեցնելու իրարու համար խնդրայարոյց հարցերը:
Բնագիրը՝ արեւելահայերէն
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից