«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ստեղծուած կապուղին կը գործէ։ Կապուղին այս պահուն կը գործէ նաեւ նախիջեւանեան ուղղութեամբ։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը նշած է Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) գլխամասային գրասենեակի բացումին ժամանակ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։
«Այս պահին հաստատուած է աշխոյժ կապ: Անիկա անցեալին նոյնպէս եղած է, սակայն հիմա վերականգնուած է։ Աշխատանքները կը տարուին»,- ըսած է Տօնոյեանը:
Սեպտեմբեր 28ին ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է սահմանագիծին վրայ լարումը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: «Այս անգամ որոշակի առարկայական խօսակցութիւն ստացուեց եւ դրա արդիւնքում մենք մի քանի կարեւոր կէտեր արձանագրեցինք: Պայմանաւորուեցինք, որ մեր պաշտպանութեան նախարարներին յանձնարարութիւն կը տանք, որ վերջիններս քայլեր ձեռնարկեն սահմանագծում լարումն իջեցնելու եւ սահմանային միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: Կարծում եմ, որ սա կարեւոր պայմանաւորուածութիւն է»,- Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութիւնը պարզաբանած էր Փաշինեան: Ան նաեւ ընդգծած էր, որ խօսակցութեան ընթացքին արձանագրուած է նաեւ բանակցային գործընթացի նկատմամբ հաւատարմութիւնը: «Մենք պայմանաւորուել ենք օպերատիվ կապի կոմունիկացիա ստեղծել»,- ընդգծած է Փաշինեան:






