Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարներուն Միջեւ Ստեղծուած Կապուղին Կը Գործէ. Դաւիթ Տօնոյեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ստեղծուած կապուղին կը գործէ։ Կապուղին այս պահուն կը գործէ նաեւ նախիջեւանեան ուղղութեամբ։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը նշած է Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) գլխամասային գրասենեակի բացումին ժամանակ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

«Այս պահին հաստատուած է աշխոյժ կապԱնիկա անցեալին նոյնպէս եղած էսակայն հիմա վերականգնուած է։ Աշխատանքները կը տարուին»,- ըսած է Տօնոյեանը:

Սեպտեմբեր 28ին ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է սահմանագիծին վրայ լարումը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: «Այս անգամ որոշակի առարկայական խօսակցութիւն ստացուեց եւ դրա արդիւնքում մենք մի քանի կարեւոր կէտեր արձանագրեցինքՊայմանաւորուեցինքոր մեր պաշտպանութեան  նախարարներին յանձնարարութիւն կը տանքոր վերջիններս քայլեր ձեռնարկեն սահմանագծում  լարումն իջեցնելու եւ սահմանային միջադէպերը կանխելու վերաբերեալԿարծում եմոր սա կարեւոր պայմանաւորուածութիւն է»,- Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութիւնը պարզաբանած էր Փաշինեան: Ան նաեւ ընդգծած էր, որ խօսակցութեան ընթացքին արձանագրուած է նաեւ բանակցային գործընթացի նկատմամբ հաւատարմութիւնը: «Մենք պայմանաւորուել ենք օպերատիվ կապի կոմունիկացիա ստեղծել»,- ընդգծած է Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին