«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան Կիրակի բարձրացուց ԼՈի՝ նոր կառավարութենէն անմասն մնալու հաւանականութիւնը:
Ատուան յստակօրէն ընդգծեց, թէ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի հաստատապէս կ’ուզէ, որ ԼՈն եւս իր ներկայացուցչութիւնը ունենայ նոր կառավարութեան մէջ՝ ի տարբերութիւն Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլին:






