Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ իրականացուող ամէնամեայ հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 22ին:
Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի լրատուութեան բաժինէն` մանրամասնելով, որ «Հեռուստամարաթոն-2018»ը, որ պիտի կրէ «Եկէք արարենք միասին» խորագիրը, պիտի ընդգրկէ նախորդ տարուան` խորքային հորերու հորատման եւ արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ծրագիրները. Պիտի իրականացուին նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրներ Հայաստանի մէջ:
Աղբիւրին հաղորդմամբ` «Հեռուստամարաթոն-2018»ին ընդառաջ` հիմնադրամը UNIBANK ARMENIA ընկերութեան կողմէ ստացած է առաջին խոշոր նուիրատուութիւնը` 15 միլիոն դրամի չափով: Իսկ Թորոնթոյի տեղական մարմինը այս տարուան բարեգործական ճաշին հաւաքած է 1 միլիոն 300 հազար գանատական տոլար (1 միլիոն ամերիկեան տոլար):






