«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ մասնակցած է Crans Montana ժողովի «Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» համաժողովի ամէնամեայ նստաշրջանին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Crans Montana ժողովը կը համագործակցի ՄԱԿի, ԵՈՒՆԵՍՔՕի, Եւրամիութեան, ՆԱԹՕի, Եւրոպայի խորհուրդի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ու նպատակ ունի խրախուսել միջազգային համագործակցութիւնը:
Ժողովի ծիրէն ներս տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպուի չորս միջոցառում, որոնց ընթացքին աւելի քան 100 երկրի առանցքային դերակատարներ կը հաւաքուին՝ ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ քննարկելու ընկերային, տնտեսական եւ անվտանգութեան առնչուող կարեւոր հարցեր:
«Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» համաժողովի ամէնամեայ նստաշրջանի քննարկման թեմաներն են միջազգային յարաբերութիւններու մէջ առկայ խնդիրներն ու վտանգները, առողջապահութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկութեան կառավարման վերաբերող հարցերը:






