«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրք-սուրիական սահմանին տեղի ունեցած ջրհեղեղի պատճառով մահացած են Թուրքիա անցնիլ փորձող ներգաղթեալներ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Ջրհեղեղի հետեւանքով զոհուած է 6 ներգաղթեալ, որոնց մարմինները ներկայիս կը գտնուին թուրք-սուրիական սահմանի թրքական Հաթայ նահանգի Եայլատաղը շրջանին մէջ:
Ներգաղթեալներու սեռի ու տարիքի մասին մանրամասն տեղեկութիւններ դեռեւս չեն հաղորդուիր:






