Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Արմէն Սարգսեան Հայաստանը Կը Համարէ 21րդ Դարու Ապրող Երկրի Օրինակ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ մասնակցած է Crans Montana ժողովի «Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» համաժողովի ամէնամեայ նստաշրջանին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Crans Montana ժողովը կը համագործակցի ՄԱԿի, ԵՈՒՆԵՍՔՕի, Եւրամիութեան, ՆԱԹՕի, Եւրոպայի խորհուրդի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ու նպատակ ունի խրախուսել միջազգային համագործակցութիւնը:

Ժողովի ծիրէն ներս տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպուի չորս միջոցառում, որոնց ընթացքին աւելի քան 100 երկրի առանցքային դերակատարներ կը հաւաքուին՝ ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ քննարկելու ընկերային, տնտեսական եւ անվտանգութեան առնչուող կարեւոր հարցեր:

«Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» համաժողովի ամէնամեայ նստաշրջանի քննարկման թեմաներն են միջազգային յարաբերութիւններու մէջ առկայ խնդիրներն ու վտանգները, առողջապահութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկութեան կառավարման վերաբերող հարցերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին