Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

«Հեռուստամարաթոն-2018»ը Պիտի Կրէ «Եկէք, Արարենք Միասին» Խորագիրը

Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ իրականացուող ամէնամեայ հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 22ին:

Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի լրատուութեան բաժինէն` մանրամասնելով, որ «Հեռուստամարաթոն-2018»ը, որ պիտի կրէ «Եկէք արարենք միասին» խորագիրը, պիտի ընդգրկէ նախորդ տարուան` խորքային հորերու հորատման եւ արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ծրագիրները. Պիտի իրականացուին նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրներ Հայաստանի մէջ:

Աղբիւրին հաղորդմամբ` «Հեռուստամարաթոն-2018»ին ընդառաջ` հիմնադրամը UNIBANK ARMENIA ընկերութեան կողմէ ստացած է առաջին խոշոր նուիրատուութիւնը` 15 միլիոն դրամի չափով: Իսկ Թորոնթոյի տեղական մարմինը այս տարուան բարեգործական ճաշին հաւաքած է 1 միլիոն 300 հազար գանատական տոլար (1 միլիոն ամերիկեան տոլար):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին