Եգիպտահայ, Ամերիկա բնակող ճանչցուած գիտնական, արհեստագիտական գիտութիւններու փրոֆէսոր Տիրան Աբելեան արժանացած է հեղինակաւոր «Նորարար-2018» գիտական մրցանակին, որ կը շնորհուի աշխարհի մէջ ճանաչում ունեցող Worcester Polytechnic Institute (ԱՄՆ Մասաչուսեթս նահանգ) կողմէ:
«Մետաղագործութեան եւ վերամշակման ոլորտին մէջ յայտնի Տիրան Ափելեան Worcester Polytechnic Institute ճարտարագիտական բաժանմունքի առաջին ներկայացուցիչն է, որուն կը շնորհուի նման մրցանակ: Պաշտօնական մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 1ին»,- «Հայերն այսօր»ի փոխանցմամբ նշուած է ամերիկեան համալսարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելցնենք, որ Տիրան Ափելեան ծնած է 1945ին Եգիպտոս հայկական ընտանիքի մէջ: Ճարտարագիտական մեքենագիտութեան ոլորտին մէջ իր գիտական գործունէութիւնը սկսած է ԱՄՆի մէջ: Ափելեանը կը հանդիսանայ աւելի քան 700 գիտական յօդուածի եւ 11 մենագրութեան հեղինակ: Իր գիտական ձեռքբերումներուն համար արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու ԱՄՆի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: 2008 թուականէն Տիրան Ափելեան կը համարուի Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ:






