«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Հինգշաբթի պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Լեհաստան՝ քննարկելու տնտեսական եւ երկկողմ յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Պասիլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Եացեք Չաբութոուիթսի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
«Պասիլի բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրներու վրայ: Բաց աստի, անոնք կ’անդրադառնան առեւտրական ոլորտի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գիւղատնտեսական եւ արդիւնաբերական արտադրանքները Լեհաստան ներածելու խնդիրին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:






