«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսթամպուլի Էսենիւրթ շրջանը գտնուող գործարաններէն մէկուն մէջ մեծ հրդեհ բռնկած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Գործարանին մէջ բռնկուած հրդեհը տարածուած է յարակից միւս գործարաններուն վրայ:
Էսենիւրթ շրջանի ղեկավար Ալի Մուրադ Ալթընթփէի փոխանցմամբ՝ հրդեհի հետեւանքով զոհեր չկան:
Հրդեհը ի սկզբանէ բռնկուած է ներկատախտակներու գործարանին մէջ, ապա տարածուած բլաստիկ շիշերու եւ մանածագործութեան գործարաններուն վրայ:
Հրդեհի վայրին մէջ կ’աշխատին Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հրշէջ ծառայութեան աշխատակիցները:






