«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Աշխատանքային այցով Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ հանդիպած է զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Սարգսեան նշած է, թէ մենք ազգային նպատակներու իրագործման նոր փուլ կը մտնենք աշխարհի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական եւ, յատկապէս, արդիւնաբերական ու արհեստագիտական շատ արագ զարգացումներու համապատկերին մէջ:
Կարեւորելով համազգային ներուժի համախմբումը համահայկական օրակարգի շուրջ՝ Հանրապետութեան նախագահը ըսած է. «Մենք մի կարեւոր առաւելութիւն ունենք՝ մեր փոքր պետութիւնն իրականում իրենից ներկայացնում է մի հսկայ ժողովրդի երազանքները, նպատակներն ու շահերը։ Ձեր երեխաները, թոռները հպարտ պէտք է լինեն, որ իրենք հայ են, եւ պատկանում են փայլուն ժողովրդի, որն այս կեանքում ունի շատ մեծ առաքելութիւն ու նպատակ»:
«Մեր իրական ուժն ու հարստութիւնը մեր ժողովուրդն է»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան եւ յաւելած. «Այսօրուայ Հայաստանը, որ նոր ու երիտասարդ Հայաստան է, շարժուում է, եւ յոյս ունեմ, կը շարունակի շարժուել ճիշդ ուղղութեամբ՝ ազատութեան, մարդկային արժանապատուութեան ճանապարհով: Եկել է ժամանակը, որ իւրաքանչիւր հայ անպայման ներգրաւուած լինի իր երկրի գործերում՝ իւրաքանչիւրն իր տեղում, իր ուժերի ներածին չափով իր նպաստը բերելով հայրենանուէր ծրագրերի իրագործմանն ու հայրենիքի զարգացմանը»:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զանոնք նորովի զարգացնելուն, հայապահպանութեան խնդիրներուն եւ Հայաստանի կեանքին մէջ արտերկրի մեր հայրենակիցներու՝ աւելի աշխոյժ ներգրաւման հնարաւորութիւններուն:






