«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ գործադիրը հաւանութիւն տուած է ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած «Երեխայի իրաւունքներուն մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին», «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ ՀՀ օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքներու նախագիծերու փաթեթի վերաբերեալ կառավարութեան առաջարկին: Մասնաւորապէս, փաթեթով կ’առաջարկուի համակարգեր ստեղծել՝ ժամանակակից աշխարհի յաճախ անվերահսկելի տեղեկատուական հոսքերու պայմաններուն մէջ երեխաները հակաբարոյական, անոնց լիարժէք ու ներդաշնակ զարգացման սպառնացող տեղեկութեան տարածումէն հնարաւորինս զերծ պահելու համար: Կառավարութեան առաջարկին համաձայն՝ երեխայի լիարժէք զարգացման վրայ բացասական ազդեցութիւն ունեցող տեղեկութիւններու շրջանակը շատ աւելի լայն է, քան նախագիծով առաջարկուող ոչ աւանդական սեռական յարաբերութիւններուն վերաբերող կամ աւանդական սեռական յարաբերութիւններու ընկերային խեղուած ընկալման ուղղուած տեղեկութիւնները, ուստի միայն վերջիններու տարածման կամ քարոզչութեան համար արգելք սահմանելը արդարացուած չէ: Կառավարութիւնը այն կարծիքին է, որ նախագիծերու ընդունման անհրաժեշտութիւնը կը բացակայի եւ կ’առաջարկէ գործող օրէնքները ձգել անփոփոխ:
Անդրադառնալով օրինագծերուն՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է: «Այսօր համացանցում կայ կատարեալ ազատութիւն եւ երեխաները նոյնպէս օգտուում են համացանցից: Ամէն ինչին, ըստ էութեան, հասանելիութիւն կայ, եթէ նոյնիսկ այդ ձեւակերպումներով օրէնքն ընդունենք»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը՝ յաւելելով, որ այդ հասանելիութիւնը սահմանափակելու հնարաւորութիւն չկայ: Վարչապետի պաշտօնակատարի խօսքով՝ ամբողջ աշխարհին մէջ առկայ է այդ խնդիրը, որուն լուծումը դեռեւս գտնուած չէ: Նիկոլ Փաշինեանի դիտարկմամբ՝ նման հարցերը պէտք է քննարկուին եւ քուէարկուին խիստ գաղտնի ռեժիմով, քանի որ որեւէ հակաքարոզչութիւն քարոզչութեան բաղադրատարր կը պարունակէ:
Կառավարութեան նիստին տեսանիւթը կարելի է դիտել կողքին երեւցող QR ծածկագրին միջոցով:






