Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Պասիլ Պաշտօնական Այցով Մեկնեցաւ Լեհաստան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Հինգշաբթի պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Լեհաստան՝ քննարկելու տնտեսական եւ երկկողմ յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Պասիլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Եացեք Չաբութոուիթսի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
«Պասիլի բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող խնդիրներու վրայ: Բաց աստի, անոնք կ’անդրադառնան առեւտրական ոլորտի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գիւղատնտեսական եւ արդիւնաբերական արտադրանքները Լեհաստան ներածելու խնդիրին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին