Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2018ին Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այս առիթով, վսեմաշուք նախագահը անգամ մը եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, անոր ձեռնադրութեան 50ամեակին առիթով։
Սոյն հաղորդակցութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին մասին։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց Սփիւռքին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամուր կապուածութիւնը Արցախի անկախութեան ու ծաղկման բոլոր աշխատանքներուն։
Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ուղերձ մը յղած էր Վեհափառ Հայրապետին՝ անոր ձեռնադրութեան 50ամեակին առիթով, որ ընթերցուեցաւ ի պատիւ Նորին Սրբութեան տրուած պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին։






