ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, տօնական աննախընթաց մթնոլորտ կը տիրէր Մանուկեան համալիրէն ներս։ ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի մեծ ընտանիքը միախմբուած՝ միատեղ վերջին դասաւորումները կը կատարէր։ Խանդավառութիւնը մեծ էր, առիթը՝ ոգեւորիչ։ Բոլորին դէմքերը ուրախ էին, հոգիները՝ հպարտութեամբ լեցուն։ Այս բոլորին պատճա՞ռը։ Մեր սիրելի Երեւան քաղաքի հիմնադրութեան 2800-րդ տարեդարձն էր։
Թէեւ ձեռնարկը կազմակերպուած էր գլխաւորաբար վարժարանիս Հայկական բաժանմունքին եւ Ուսանողական խորհուրդին կողմէ, բայց ձեռնարկին իրագործումն ու յաջողութիւնը կը պարտէր համընդհանուրին, այսինքն՝ վարժարանիս բոլոր բաժանմունքներուն՝ երգչախումբին, պարախումբին, արուեստի դասարանին, պաշտօնէութեան եւ ծնողաօժանդակ մարմինին։
Տօնախմբութեան ներկայ եղան ո՛չ միայն վարժարանիս տեսչութիւնը, ուսուցչակազմը, պաշտօնէութիւնն ու աշակերտութիւնը, այլեւ՝ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Սիլվա Գարայեան, Յովսէփեան միջնակարգ վարժարանի 8-րդ դասարանի սաները, վարժարանիս նախկին սաներ, բազմաթիւ ծնողներ, մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր, ինչպէս նաեւ՝ պատուոյ հիւրեր:
Հակիրճ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկական բաժանմունքի վարիչ՝ Օրդ. Լորա Գույումճեան: Ապա սայլակով (զոր պատրաստած էր Պրն. Մանօ Սաթամեան) հանդիսաւորապէս սրահ մուտք գործեց Արգիշտի թագաւորը, զոր յայտարարեց Էրեբունի քաղաքի հիմնադրութիւնը։ Ապա, Երեւանեան երգերով հանդէս եկաւ վարժարանիս երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Պրն. Պարթեւ Կիւլիւմեանի եւ դաշնակահարուհի՝ Օրդ. Էլմիրա Սիմոնեանի։ 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները Երեւանին նուիրուած բանաստեղծական քառեակներ արտասանեցին: Անոնց հետեւեցաւ օրուան հիւր երգիչը՝ Ժոզէֆ Գրիգորեան, որ հայրենասիրական երգերով խանդավառեց աշակերտութիւնն ու ներկաները։ Ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը՝ հին ու նոր Երեւանը, զոր բծախնդրութեամբ պատրաստած էր հայերէնի ուսուցիչ Պրն. Նորայր Տատուրեանը, եւ որու ընթացքին աւարտական դասարանի աշակերտուհի՝ Փալինա Էթցան, մեղմանուշ իր ձայնով երգեց «Երեւանս, Երեւանս» գողտրիկ երգը:
Յայտագրին առաջին բաժինը վերջ գտաւ Պարոյր Սեւակի գրած եւ գրեթէ իբրեւ Երեւանի քայլերգ դարձած «Երեւան-Էրեբունի» երգի հաւաքական կատարողութեամբ։ Այնուհետեւ տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ վարժարանիս շրջափակին մէջ: Պարուսոյց Թագուհի Պէզաթեանի խմբավարած պարախումբը հանդէս եկաւ հայկական ազգագրական աշխոյժ պարերով։ Այդ խանդավառութեան մէջ աշակերտներն ու հիւրերը վայելեցին տեղւոյն վրայ պատրաստուող թարմ լաւաշն ու հայկական պանիրը, մինչ միւս կողմէ կը հնչէին Երեւանին նուիրուած սքանչելի երգեր։ Տօնակատարութիւնը իր գագաթնակէտին եւ աւարտին հասաւ դպրոցական մեծ շուրջպարով ու հաւաքական յիշատակի նկարով:
Այս տօնակատարութեամբ մեր վարժարանը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, թէ որքա՜ն մեծ կարեւորութիւն կու տայ մեր աշակերտներուն ջամբելու հայկական ոգի եւ կերտելու անոնց մէջ հայու մաքուր նկարագիր ու ինքնութիւն, որպէսզի անոնք այս հիւրընկալ ափերուն վրայ իրենք զիրենք կատարեալ հայ զգան ու ապրին հայօրէն։ Ա՛յս է ահաւասիկ Հայկական բաժանմունքին հետապնդած նպատակն ու տարած անմնացորդ աշխատանքը վարժարանէս ներս։
Մեզի կը մնայ սրտանց շնորհաւորել մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանը, լուսաւոր ու վարդագոյն ապագայ մաղթելով անոր, իսկ այս տօնակատարութիւնը կազմակերպողներուն ըսել՝ «Ապրի՛ք բոլորդ։ Վարձքերնի՛դ կատար»:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ