Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Չբացառեց Վարչապետի Ընտրութեան Երկրորդ Փուլին Իր Թեկնածութեան Առաջադրումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան չի բացառեր ԱԺի մէջ վարչապետի ընտրութեան երկրորդ փուլին եւս իր թեկնածութեան առաջադրումը: «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ` Հոկտեմբեր 24ի արտահերթ նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Փաշինեան:

«Չեմ բացառում, որ կ’առաջադրուեմ, բայց հաստատ չեմ էլ ասում, որ կ’առաջադրուեմ: Սահմանադրութեամբ ձեւակերպումն այնպէս է, որ առաջին ընտրութեան համար այլ բառապաշար է օգտագործուած: «Քուէարկութիւն» եզրոյթն օգտագործուած է միայն առաջին ընտրութեան համար»,- ըսաւ Փաշինեան:

Ան նշեց, որ իրեն համար շատ կարեւոր էր երէկ ամպիոն ունենալը, իրեն համար շատ կարեւոր ըսելիք կար, որ կ’ուզէր ըսել: Իր խօսքով՝ եթէ այս առիթը չ’ըլլար, հանրահաւաք պիտի ընէր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին