Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Ազգային Ժողովը Նիկոլ Փաշինեանը Վարչապետ Չընտրեց. 7 Օր Ետք Տեղի Պիտի Ունենայ Վարչապետի Նոր Ընտրութիւն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազգային ժողովը առաջին փուլին Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին:

«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ`«Ելք» խմբակցութեան կողմէ վարչապետի  թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ ընտրուելու համար բաւարար ձայներ: Անոր թեկնածութեան կողմ քուէարկեց ոչ մէկ պատգամաւոր, դէմ` 1, ձեռնպահ` 11:

Քուէարկութենէն առաջ չմասնակցելու մասին յայտարարեցին ԲՀԿ, ՀՀԿ եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները: «Ելք»ը յայտարարեց, որ պիտի քուէարկէ ձեռնպահ:

Վարչապետի ընտրութեան հարցը դրուած էր Հոկտեմբերի 24ի ԱԺ հերթական նիստի օրակարգին վրայ: Վարչապետ ընտրելու համար անհրաժեշտ էր 53 կողմ ձայն:

Քանի որ առաջին փուլով վարչապետ չընտրուեցաւ, խորհրդարանին մէջ ՀՀ վարչապետի եւս մէկ ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ առաջին փուլի քուէարկութենէն 7 օր ետք, որուն մասնակցելու իրաւունք պիտի ունենան պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներուն մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը պիտի արձակուի իրաւունքի ուժով:

Նիկոլ Փաշինեան վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր Հոկտեմբեր 16ին: Հրաժարականի նպատակը խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու հասնիլն է: Եթէ վարչապետի հրաժարականէն ետք երկու շաբաթուան ընթացքին խորհրդարանը վարչապետ չընտրէ, Ազգային ժողովը կ’արձակուի եւ կը նշանակուին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին