«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան չի բացառեր ԱԺի մէջ վարչապետի ընտրութեան երկրորդ փուլին եւս իր թեկնածութեան առաջադրումը: «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ` Հոկտեմբեր 24ի արտահերթ նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Փաշինեան:
«Չեմ բացառում, որ կ’առաջադրուեմ, բայց հաստատ չեմ էլ ասում, որ կ’առաջադրուեմ: Սահմանադրութեամբ ձեւակերպումն այնպէս է, որ առաջին ընտրութեան համար այլ բառապաշար է օգտագործուած: «Քուէարկութիւն» եզրոյթն օգտագործուած է միայն առաջին ընտրութեան համար»,- ըսաւ Փաշինեան:
Ան նշեց, որ իրեն համար շատ կարեւոր էր երէկ ամպիոն ունենալը, իրեն համար շատ կարեւոր ըսելիք կար, որ կ’ուզէր ըսել: Իր խօսքով՝ եթէ այս առիթը չ’ըլլար, հանրահաւաք պիտի ընէր:






