«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ելոյթով հանդէս եկած է Համաշխարհային ներդրումային համաժողովի ծիրէն ներս կայացած՝ Համաշխարհային առաջնորդներու վեհաժողովին:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ Հանրապետութեան նախագահը իր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ Հայաստանը դարեր շարունակ եղած է քաղաքակրթութիւններու, կրօններու, հետաքրքրութիւններու եւ առեւտուրի խաչմերուկին, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութեան մէջ:
Խօսելով Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացման հեռանկարներուն եւ ներդրումային գրաւչութեան մասին՝ նախագահ Սարգսեան նշած է, որ տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ սկսաւ թուային յեղափոխութիւնը, եւ այսօր կարելի է վստահաբար ըսել, որ Հայաստանը ունի տեղեկատուական լաւագոյն արհեստագիտութիւններու ոլորտը նախկին Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին: Շարք մը մեծ ընկերութիւններ Սիլիքոնային հովիտէն, Եւրոպայէն իրենց ներկայացուցչութիւնները ունին Հայաստանի մէջ:
Ելոյթի աւարտին նախագահը հրաւիրած է ներդրումներ կատարել նոր Հայաստանի՝ 21րդ դարու Հայաստանի մէջ:






