Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆ Նախագահի Խորհրդականը Կարեւորած Է Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնը Պաքուի մէջ ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումին նշած է, որ ԱՄՆը կը սատարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«ԱՄՆը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի մէջ համանախագահող պետութիւն, կը սատարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման, խաղաղութիւնը կարեւոր է, ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի համար»,- ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումին նշած է Պոլթոնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին