«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սթրասպուրկի մէջ ԵՄ-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի համանախագահներ Արմէն Աշոտեանի եւ Սաճատ Քարիմի նախագահութեամբ Հոկտեմբեր 24ին տեղի ունեցած է ԵՄ-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի առաջին նիստը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նոր մակարդակի խորհրդարանական այս ձեւաչափը, որ նախատեսուած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով, կը փոխարինէ ԵՄ-Հայաստան համագործակցութեան յանձնաժողովի ձեւաչափին եւ կոչուած է ամրապնդելու Եւրոպական խորհրդարանի եւ ՀՀ Ազգային ժողովի միջեւ փոխգործակցութիւնը:
Խորհրդարանական գործընկերութեան աւելի ընդլայնուած ձեւաչափը Ազգային ժողովին կ’ընձեռէ հնարաւորութիւն մշակելու եւ կիրարկելու անհրաժեշտ համակարգեր խորհրդարանական վերահսկողութեան ուժեղացման, հասարակութեան իրազեկման բարձրացման եւ ներգրաւուածութեան համար:
Նիստին Արմէն Աշոտեան որպէս պատմական իրադարձութիւն որակած է նոր ձեւաչափի մէջ գործընկերութեան ծաւալման մեկնարկը՝ ընդգծելով, որ առկայ են բոլոր հիմքերը Եւրոպական խորհրդարանի եւ ՀՀ Ազգային ժողովի միջեւ խորհրդարանական գործընկերութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ աւելի շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելու համար:






