«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Զինուորական ատեանը, ինչպէս կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը, երկու հոգիի նկատմամբ պատժամիջոց կիրարկած է, որոնցմէ առաջինը դատապարտած է 8 տարուան, իսկ երկրորդը ցկեանս տաժանակիր աշխատանքի ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ վրայ յարձակում ծրագրելու պատճառով:
Բացի այդ՝ անոնք ծրագրած էին նաեւ սպաննել Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան ուժերու պետ Սոպհի Ապու Արապը:






