«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնը Պաքուի մէջ ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումին նշած է, որ ԱՄՆը կը սատարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«ԱՄՆը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի մէջ համանախագահող պետութիւն, կը սատարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման, խաղաղութիւնը կարեւոր է, ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի համար»,- ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումին նշած է Պոլթոնը:






