«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը Հոկտեմբեր 23ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպած է Ս. Փեթերսպուրկի Օրէնսդիր ժողովի նախագահ Վիաչեսլաւ Մաքարովի հետ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ կողմերը քննարկած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, անդրադարձ կատարած ՀԱՊԿ եւ ԵԱՏՄ շրջանակներուն մէջ յարաբերութիւններու զարգացման ու տարածաշրջանային համագործակցութեան: Էդուարդ Շարմազանովը երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ընդգծած է Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքի դերը եւ նշած, որ Փեթերսպուրկի հիմնադրման առաջին իսկ օրէն հայերը էական նշանակութիւն ունեցած են քաղաքի մշակութային, քաղաքական ու հասարակական կեանքին մէջ՝ ամրացնելով հայ-ռուսական բարեկամութիւնը: Այդ թեմայի լոյսին տակ զրուցակիցները ընդգծած են յառաջիկային Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հայազգի հռչակաւոր հրամանատար Լոռիս-Մելիքովի յուշատախտակի բացումը, որուն նախաձեռնողներն են Էդուարդ Շարմազանովը եւ Վիաչեսլաւ Մաքարովը:
Ս. Փեթերսպուրկի Օրէնսդիր ժողովի նախագահը իր հերթին կարեւորած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի ներդրումը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:






